Այստեղ կը գտնէք Միութեան նպատակները պարզեցուած

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Մ.Ը.Մ.) -ի նպատակներն են՝

Առաջին Նպատակ ՝
Պատրաստել ֆիզիքապէս տոկուն, իմացական եւ հոգեկան բարձր արժանիքի տէր Հայեր եւ տիպար քաղաքացիներ։

Բացատրութիւն՝ 

Մեր լաւագոյնը ընել, պատրաստելու մարմնապէս առողջ եւ կայտառ սերունդներ, որոնք միաժամանակ բարձր իմաստութեան տէր երիտասարդներ դառնան, զանազան գիտելիքներ տիրապետեն ու քննարկելու, զրուցելու եւ ուսուցանելու կարողութիւնը ունենան։

Ինչպէս նաեւ անոնց մէջ աստուածավախութիւն եւ հայրենասիրութիւն ցանենք, որպէսզի դառնան պտղատու հայորդիներ։

0:00 / 0:00
Նպատակ 1 ձայնագրուած
Ստուգէ' գիտելիքներդ
Սորվեցնել Միութիան անդամներուն ըլլալ չարքաշ եւ արի, ազգասէր եւ հայրենասէր օրինապահ եւ կարգապահ:

Բացատրութիւն՝ 

Անհատներուն մէջ չարքաշութիւն եւ արիութիւն ցանել, այսինքն տոկուն ըլլալ, դժուար պայմաններ յաղթահարելու ուժ ունենալ եւ միշտ քաջասրտութեամբ մօտենալ անոնց՝ որոնք օգնութեան կարիքը ունին։ Անոնց մէջ ազգասիրութեան ու հայրենասիրական ոգին միշտ բարձր պահել, գիտակից դարձնելով թէ ազգին ու հայրենիքին ծառայելը սրբագործութիւն մըն է։ 

Պէտք է նաեւ օրինապահ ու կարգապահ սերունդներ կերտելու կարեւորութիւնը սորվեցնենք, յարգելով մեր գործունէութիւններու եւ աշխատանքներու ժամերը եւ բծախնդրութեամբ մօտենալով մեր պարտականութիւններուն։

0:00 / 0:00
Նպատակ 2 ձայնագրուած
Ստուգէ' գիտելիքներդ
Զարգացնել անոնց մօտ պարտականութեան գիտակցութիւն,
պատասխանատուութեան եւ պատուի զգացում,
համերաշխութեան եւ փոխադարձ օգնութեան ոգի:

Բացատրութիւն՝ 

Զարգացնել անոնց մօտ պարտականութեան գիտակցութիւնը, պատասխանատուութեան եւ պատուի զգացումը, ինչպէս նաեւ համերաշխութեան ու փոխադարձ օգնութեան ոգին։
Այստեղ կ’ուզենք ըսել, որ մարդը պէտք է ոչ միայն իմանայ իր պարտականութիւնը, այլ նաեւ պատասխանատու ըլլայ իր գործերուն համար։ «Պատուի զգացում»ը կը մատնանշէ
հաւատարմութիւնը՝ միշտ ճշմարիտ ու արժանավայել կերպով վարուելու։
Երբ մարդը հասկնայ, որ ինք միայնակ չէ, այլ իր շուրջը կան ընկերներ ու համայնք, ան կ’ուզէ աջակցիլ եւ օգնել։ Նոյնպէս՝ ինք ալ կրնայ վստահիլ, որ ուրիշները պիտի ըլլան իր կողքին դժուար ժամանակներուն։

0:00 / 0:00
Նպատակ 3 ձայնագրուած
Ստուգէ' գիտելիքներդ
Համակել անոնց միտքն ու սիրտը մարզական ազնուագոյն ոգիով:

Բացատրութիւն՝ 

Այս նպատակը  կը նշանակէ, որ պէտք է դաստիարակել երիտասարդներու մէջ ոչ միայն մարմինին զօրութիւնը, այլ մանաւանդ մարզական մտածելակերպը։

«Համակել միտքն ու սիրտը» կը շեշտէ, որ մարզանքը պէտք է դառնայ ոչ միայն արտաքին զբաղմունք, այլ ներքին արժէք։ 

Ընդհանրապէս, այս գաղափարը կ’ուզէ սորվեցնել, որ մարզանքը միայն մարմնական վարժութիւն չէ․ ան նաեւ դպրոց մըն է ազնուութեան, համբերութեան, համերաշխութեան եւ ընկերային կապերու ամրապնդման։

0:00 / 0:00
Նպատակ 4 ձայնագրուած
Ստուգէ' գիտելիքներդ

Առաջին ենթախմբակին տեսերիզը պիտի զետեղուի այստեղ